2017-05-06 10:32:00

Ֆրանսայի իսլամ, հրեայ եւ աւետարանական ղեկավարները կոչ կ՛ուղղեն` քուէարկելու Մաքրոնին


Ֆրանսայի իսլամ, հրեայ եւ աւետարանական ղեկավարները, միացեալ հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով, ֆրանսացի բոլոր քուէարկողներուն կոչ ուղղեցին` կիրակի, 7 մայիսին, նախագահական ընտրութեան մասնակցելով, քուէարկելու ի նպաստ Էմմանուէլ Մաքրոնի, «որ կը ներկայացնէ առատաձեռն, հանդուրժողական եւ աշխարհին բացուած Ֆրանսան, եւ դէմ քուէարկել ծայրայեղ աջի թեկնածու Մարին Լը Փենի»:

«Մենք կը գիտակցինք, որ մեր պաշտօնները մեզ կը պարտաւորեցնեն քաղաքական գետնի վրայ ըլլալ անկողմնակալ, սակայն նկատի ունենալով, որ առաջին հերթին պատասխանատուութեան տէր քաղաքացիներ ենք, կոչ կ՛ուղղենք` քուէարկելու ի նպաստ Մաքրոնի», կը նշեն անոնք:

Հաղորդագրութեան տակ ստորագրած են աւետարանական եկեղեցւոյ ներկայացուցիչ Ֆրանսուա Քլավրոլի, Իսլամութեան ֆրանսական խորհուրդի նախագահ Անուար Քապիպշ եւ Ֆրանսայի հրեայ քահանայապետ Հայիմ Քորսիա:

Կաթողիկէ եկեղեցին, որ Ֆրանսայի մէջ մեծագոյնն է, չստորագրեց հաղորդագրութիւնը: Կաթողիկէ եկեղեցին 2002-ի նախագահական ընտրութեան ընթացքին աջակցած էր Ժաք Շիրաքի` ընդդէմ Մարին Լը Փենի հօր` Ժան Մարի Լը Փենի, սակայն ներկայիս կը շարունակէ առերեւոյթ պահպանել կիրակի օրուան ընտրութեան նկատմամբ իր անկողմնակալութիւնը:

«Օփինիըն Ուէյ» ընկերութեան կատարած հարցախոյզին` 4 մայիսին հրապարակուած տուեալներուն համաձայն, Մաքրոնի վարկանիշը բարձրացած է մինչեւ 61 առ հարիւրի, իսկ Լը Փենի քուէարկելու պատրաստ է ընտրողներուն 39 առ հարիւրը: Հարցախոյզին մասնակցած են Ֆրանսայի 2264 քաղաքացիներ, որոնք ներառուած են ընտրական ցանկերուն մէջ: Հարցախոյզը կատարուած է 1-3 մայիս ժամանակաշրջանին:

Միւս կողմէ, աղբիւրներ «Պէ.Էֆ.Էմ.Թէ.Վէ.» պատկերասփիւրի կայանին յայտնած են, որ յաղթանակ արձանագրելու պարագային Մաքրոն իր կողմնակիցներու հետ մտադիր է իր յաղթանակը նշել փարիզեան Լուվր թանգարանին մօտ գտնուող հրապարակին վրայ: Հրապարակը բոլոր կողմերէն շրջապատուած է համանուն թագաւորական պալատով, որ ներկայիս աշխարհի մեծագոյն թանգարաններէն մէկն է:

Հրապարակին կեդրոնը նշանաւոր ապակեայ բուրգն է, որ կը ծառայէ իբրեւ թանգարանի կեդրոնական մուտք:

 








All the contents on this site are copyrighted ©.